Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրը եղաւ Ալաւեսին, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Քարիմ Պենզեմա (41-րդ եւ 71-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Քազեմիրօ (15-րդ) եւ Էտեն Հազար (45+2-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 40 կէտ:
Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Էլչէին, առանց Լիոնել Մեսսիի (կախակայուած) արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հոլանտացի միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկ 39-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսայի առաջին կոլը, մինչ մրցումին աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ սպանացի 21 տարեկան Ռիքարտ Փուիք նշանակեց քաթալոնական կազմին երկրորդ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Պարսելոնա ունի 37 կէտ: