Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած պիչ վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Միրվեթ Համզա-Միրնա Շէյխօ զոյգը Լիբանանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը:
Կիսաւարտականին, Լիբանան թէեւ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռուսիայէն, սակայն երրորդ դիրքի մրցումին Լիբանան 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ռուսիոյ մէկ այլ խումբին` տիրանալով պրոնզ մետալին:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 խումբեր` Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն:
Այս առիթով Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Քասուֆ շնորհաւորեց Համզա-Շէյօ զոյգը: