Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Փիւնիկ Երեւան-«Արեւմտեան Հայաստան»` 1-1
Հայաստանի ֆութպոլի բազմակի ախոյեան, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Փիւնիկ-Երեւան, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ «Արեւմտեան Հայաստան»-ի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Նշենք, որ «Արեւմտեան Հայաստան» իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան: Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին, Փիւնիկ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Վանէն:...




















