Օմսքի Իրթիշի 21 տարեկան ֆութպոլիստ Եգոր Տրոպիշ մահացաւ դանակի հարուածներէ իր ստացած վէրքերուն պատճառով, այս մասին հաղորդեց ռուսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ երեքշաբթի, 26 յունուարին, Օմսքի փողոցներէն մէկուն մէջ ան բռնուած է կռիւի, որուն ընթացքին ստացած է դանակի հարուածներ: Վիրաւորուած է նաեւ անոր ընկերը, որ ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած է հիւանդանոց:
Եգոր Տրոպիշ ռուսական Իրթիշի երիտասարդական խումբին կարեւոր մարզիկներէն մէկն է: Ան իր խումբին հիմնական կազմին հետ կատարած է 3 մրցում: