Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ (քառորդ աւարտական) տեղի ունեցած Ինթեր Միլան-Ա. Սէ. Միլան մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Ա. Սէ. Միլան մինչեւ մրցումին 71-րդ վայրկեանը յաղթական էր` շնորհիւ շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի նշանակած կոլին:
Սակայն Ինթեր երկու կոլ նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը եւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Ռոմելու Լուքաքու փենալթիով նշանակեց Ինթերի հաւասարութեան կոլը (71-րդ), մինչ անոր խմբակից Քրիսթիան Էրիքսըն մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+7-րդ)` յաղթանակի կոլը:
Նշենք, որ Ա. Սէ. Միլան մրցումին վերջին կէս ժամը շարունակեց տասը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ 58-րդ վայրկեանին Իպրահիմովիչ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով կարմիր քարտով մը հեռացաւ դաշտէն: