Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական Թամպովի յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան, Արարատ-Արմենիայի հետ երէկ` չորեքշաբթի, 27 յունուարին մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանը հաւաք մը պիտի կատարէ մինչեւ 12 փետրուար:
33 տարեկան ֆութպոլիստը, որ այս շաբաթասկիզբին հասաւ Հայաստան եւ միացաւ Արարատ-Արմենիային, շատ հաւանաբար յառաջիկային պայմանագրութիւն մը ստորագրէ երեւանեան ակումբին հետ:
Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Արարատ-Արմենիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ ալ պիտի կատարէ շարք մը ակումբներու հետ, որոնց կարգին` Ուրալ, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ եւ ուրիշներ: