Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս այս տարեշրջանի աւարտին պիտի հեռանայ իր ակումբէն` նկատի ունենալով, որ կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան չկրցան գալ նոր պայմանագիրի երկարաձգման գծով:
«Մարքա» յայտնեց, որ Ռամոս կտրուկ կերպով մերժեց արքայական ակումբին առաջարկը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ մայրաքաղաքի կազմը փոխադարձ համաձայնութեան չէ կրցած գալ նաեւ սպանացի միջնապահ Լուքաս Վասքեսի հետ:
Ներկայ դրութեամբ, 34 տարեկան Ռամոսով հետաքրքրուած է Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ անոր առաջարկած է 3 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Ռամոս 2005-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտին:
v