Հայկական մարզական լրատուամիջոցներ երէկ յայտնեցին, որ Վահագնի Սիթի ակումբը հանդիսացաւ Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեան:
Վահագնի Սիթի, որ այս տարեշրջանին բարձրացաւ Ա. դասակարգ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Վի.պեթ-Ա.» լիկայի այս ախոյեանութեան, արդէն իսկ տարեշրջան մը չբոլորած ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը:
Անիկա իր վերջին յաղթանակը արձանագրեց Էրեբունիի դէմ` 108-83 արդիւնքով: Արձանագրուած այս յաղթանակին մէջ իրենց կարեւոր դերը ունեցան Թադէ Քէշիշեան եւ Այվին Էլիս: