Քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահական նոր ընտրութիւնը պիտի կատարուի 7 մարտին, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով քուէարկութեան կարելի է մասնակցիլ «փոստ»-ի միջոցով:
Համավարակին պատճառով այդ ընտրութիւնը, որ պիտի կատարուէր 24 յունուարին, յետաձգուած էր:
Նշենք, որ Պարսելոնայի նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են Խուան Լափորթա, Վիքթոր Ֆոնթ եւ Թոնի Ֆրեքսա: