Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ լոնտոնեան Չելսիի նախկին գլխաւոր մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի հեռացաւ պրազիլական Քրուզէյրոյէն, տեղեկացուց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
72 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին պայմանագրութիւնը խզուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեամբ, եւ ան այսպիսով դարձեալ մնաց առանց ակումբի:
Ան խումբի մարզիչ նշանակուած էր նախորդ հոկտեմբերին` անոր հետ ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Անոր գլխաւորութեամբ Քրուզէյրօ, արձանագրելով 9 յաղթանակ, 8 հաւասարութիւն եւ կրելով 4 պարտութիւն, մնաց Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգին մէջ:



