«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Աթլանթա Հոքս, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը, արձանագրեց 108-99 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հոքս կասեցուց Քլիփըրզի յաղթարշաւը, վերջինս վերջին 7 մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր:
Յաղթական կազմէն Թրայէ Եանկ նշանակեց 38 կէտ:
Հիուսթընի մէջ, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 107-88 արդիւնքով պարտուեցաւ Ռոքեթցէն: Վերջինէս Պրետլի Պիլ նշանակեց 33 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Եութա Ճեզ յաղթեց Նիւ Եորք Նիքսին` 108-94 արդիւնքով: