Անցնող երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտականին հասնող կազմերը:
Իտալացի Անտրէա Փիրլոյի գլխաւորած խումբը` Եուվենթուս, որ 4-0 արդիւնքով յաղթեց ՍՓԱԼ-ին, կիսաւարտականին կը մրցի Ինթեր Միլանի դէմ:
Նշենք, որ Եուվենթուսէն մրցումին չմասնակցեցաւ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 3 փետրուարին, պիտի կատարուի Ինթերի դաշտին վրայ: