Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Թոմաս Թուխել դարձաւ խումբին գլխաւոր մարզիչը:
Թուխել, որ փոխարինեց Ֆրանք Լամփարը, այսպիսով հանդիսացաւ Չելսիի առաջին գերմանացի մարզիչը:
Ան ստորագրեց 18 ամսուան պայմանագրութիւն մը` զայն երկարաձգելու կարելիութեամբ:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») 19-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Չելսի 29 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը: