Հայկական Ֆութպոլ. Յովհաննէս Յարութիւնեան Հեռացաւ Արարատ-Արմենիայէն
Հայաստանի ֆութպոլի կրկնակի ախոյեան Արարատ-Արմենիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեց իր պայմանագրութիւնը ակումբի ֆութպոլիստ Յովհաննէս Յարութիւնեանի հետ:
Ան իր ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 18 մրցումի` նշանակելով կոլ մը եւ դառնալով 2 կոլի փոխանցման հեղինակ:
Նշենք, որ այժմ, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը իր ձմեռնային արձակուրդին մէջ է:
Նախքան ախոյեանութեան երկրորդ շրջանին սկսիլը, 3 խումբեր` Արարատ, Ալաշկերտ եւ Արարատ-Արմենիա, իրենց տրամադրութեան տակ ունին 18-ական կէտ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական