Հայաստանի ֆութպոլի բազմակի ախոյեան, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Փիւնիկ-Երեւան, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ «Արեւմտեան Հայաստան»-ի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նշենք, որ «Արեւմտեան Հայաստան» իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:
Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին, Փիւնիկ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Վանէն:
Հայաստանի ախոյեանութեան գծով Փիւնիկի այս տարեշրջանին արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին անբաւարար: Անիկա այժմ ապահոված է, միայն 5 կէտ:
Երեւանեան իր հաւաքէն ետք, Փիւնիկի պատուիրակութիւնը կիրակի, 31 յունուարին, ուսումնամարզական հաւաքի մը համար պիտի մեկնի Շարժա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):



