Երեւանի Նոա ֆութպոլի ակումբը պիտի մեկնի Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` հոն ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար:
Նշուեցաւ, որ Հայաստանի գործող բաժակակիրը Տուպայ պիտի մնայ մինչեւ 12 փետրուար:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի բարեկամական քանի մը մրցումներ: