Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը հաստատեց աշխարհի ախոյեանի կոչման համար տեղի ունենալիք ախոյեանութեան ճակատումին վայրն ու ժամկէտը:
Նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն 8 տարի առաջ իր տիրացած տիտղոսը չորրորդ անգամ ըլլալով պիտի փորձէ պաշտպանել այս տարի, 24 նոյեմբերէն 24 դեկտեմբերին, Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Նշենք, որ անոր մրցակիցին անունը ցարդ չէ յստակացած:
Մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2 միլիոն եւրօ: