– Այսօր` Արսենալ–Մանչեսթըր Եունայթըտ
– Վաղը` Պարսելոնա–Աթլեթիք Պիլպաօ
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ:
Անգլիոյ մէջ, բաւական հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Արսենալ-Մանչեսթըր Եունայթըտ հանդիպումը:
Վաղը, Սպանիոյ մէջ, այլ հետաքրքրական ճակատում մը պիտի ըլլայ Պարսելոնա-Աթլեթիք Պիլպաօ մրցումը:
Իտալիոյ մէջ, այսօր կը սկսին 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի հանդիպումները:
Վաղը, Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Հելաս Վերոնան: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր կազմին` Ա. Էս. Ռոմայի հետ սկսաւ իր ամբողջական փորձերուն, շատ հաւանական է, որ մասնակցի վաղուան մրցումին:
Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).