Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է երկարաձգելու իր պայմանագրութիւնը խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի հետ:
Նշուեցաւ, որ արդէն իսկ կողմերը համաձայնութեան եկած են իրարու հետ, եւ նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մէկ տարիով, մինչեւ 2022-ի ամառը:
Մոտրիչի գործող պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ, նախատեսուած է մինչեւ 2021-ի ամառ: Ան Ռէալին միացաւ 2012-ին: