Նախորդ շաբաթավերջին, Պրազիլի «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի աւարտականի մրցումը, պրազիլական երկու կազմերուն` Փալմէյրասի եւ Սանթոսի միջեւ:
Փալմէյրաս երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+9-րդ) պրազիլցի յառաջապահ` Պրենօ Էնրիքէ, որ դաշտ ներկայացած էր 85-րդ վայրկեանին, նշանակեց մրցումին եւ յաղթական կազմին միակ կոլը:
Նշենք, որ Փալմէյրաս, առաջին անգամ Լիպերթատորեսի բաժակակիր դարձած էր 1999-ին:
Այսպիսով, Փալմէյրաս 8 փետրուարին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան կիսաւարտականին պիտի մրցի Թիկրես (Մեքսիքա)-Ուլսան (Հարաւային Քորէա) մրցումի յաղթականին դէմ: