Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ Միլան, որ հիւրը եղաւ Պոլոնիային, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ միլանեան կազմէն փենալթի մը իր նպատակին չկրցաւ հասցնել Զլաթան Իպրահիմովիչ (26-րդ վայրկեանին):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ա. Սէ. Միլան իր ակումբին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ անիկա իր դաշտէն դուրս յաջորդաբար 20-րդ մրցումն ըլլալով կոլ նշանակեց: Նախապէս անիկա 1992-1993 տարեշրջանին յաջորդական 19 մրցումի ընթացքին կոլ նշանակած էր:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր Միլան, որ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պենեվենթոն: Ռոմելու Լուքաքու տուպլէ մը իրագործեց (67-րդ եւ 79-րդ):
Իր կարգին, իր կատարած մրցումէն երեք կէտ ապահովեց երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սամտորիայի դաշտէն:
Այսպիսով, 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ա. Սէ. Միլան ունի 46 կէտ, Ինթեր Միլան` 44 կէտ, իսկ Եուվենթուս` 39 կէտ: