Երէկ` հինգշաբթի, 28 յունուարին, «Եու. Է. ԷՖ. Ա. »-ին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2023-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ը. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ֆրանսան, Սերպիան, Ուքրանիան, Մակեդոնիան եւ ֆարօ կղզիները:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումները պիտի կատարուին` մարտ 2021-էն յունիս 2022:
9 խմբակներու պարագլուխի դիրքը գրաւող կազմերը կ’ապահովեն աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւած լաւագոյն 8 խումբերը իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն փլէյ-օֆի մրցումներուն:
Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի հիւրընկալեն Ռումանիա եւ Վրաստան: