Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը վերջին դիրքը գրաւող Լորիանէն` 3-2 արդիւնքով:
Հակառակ անոր որ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը, երկուքն ալ` փենալթիով, յաջորդաբար` 45-րդ եւ 58-րդ վայրկեաններուն, սակայն հիւրընկալ կազմը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+2-րդ) նշանակեց իր յաղթանակի կոլը եւ ատոր շնորհիւ բարձրացաւ 18-րդ դիրք:
Լիլ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 1-0 արդիւնքով դժուարութեամբ յաղթելով Տիժոնին (19-րդ):
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Լիոն` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պորտոն:
Այս հանգրուանի մրցումներէն ետք, Լիլ այժմ ունի 48 կէտ, Լիոն` 46, իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն` 45: