Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կազմակերպիչ կոմիտէն կը յայտարարէ, թէ շատ հաւանաբար խաղերը կրնան կատարուիլ առանց հանդիսատեսի:
Ասոր պատճառը բնականաբար «Քորոնա» ժահրի համաճարակն է, որ աշխարհի տարածքին կը շարունակէ մարդոց մահուան պատճառ դառնալ:
Նշուեցաւ, որ Ճափոնի իշխանութիւնները մտադիր են ողիմպիական խաղերուն ընթացքին բժշկական մարզի շուրջ 10 հազար աշխատողներ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ ձգել, որպէսզի մնայուն կերպով հսկեն մարզիկներուն առողջութեամբ: