Իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ա. Էս. Ռոմա մտադիր է, նախքան մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման աւարտը, ամէն գնով իրականացնել պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքոյի փոխանակումը` Չելսիի ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրուի հետ:
Նշուեցաւ, որ ներկայիս Ծեքոյի եւ իտալական կազմի փորթուգալցի մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքայի յարաբերութիւնները բաւական լարուած են:



