Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին հիմնանորոգման նախագիծը կը գտնուի պատրաստ վիճակի մէջ, եւ շուտով պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ պիտի տեղադրուի նոր խոտածածկ, պիտի վերանորոգուին մարզադաշտին թրիպիւնները եւ հանդերձարաններուն բաժինները, պիտի բարեկարգուին մարզադաշտին յարակից տարածքները եւ պիտի շինուի յատուկ փորձերու համար փոքր խաղադաշտ մը: Իսկ ապագային կը նախատեսուի կատարել լոյսերու նորոգութեան աշխատանքները:
Բոլոր աշխատանքներուն աւարտէն ետք, մարզադաշտը պիտի համապատասխանէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի երկրորդ կարգի մարզադաշտերուն:
Ասիկա կը նշանակէ, որ նոր մարզադաշտին վրայ կարելի պիտի ըլլայ կատարել Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, միջազգային մրցումներ, ինչպէս նաեւ` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումները (մինչեւ Բ. հանգրուան):