Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա-Լիկա») 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Մատրիտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Քատիսի դաշտէն:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, յաջորդաբար 28-րդ եւ 50-րդ վայրկեաններուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աթլեթիքօ Մատրիտ 10 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Ռէալ Մատրիտի վրայ, որ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լեվանթէէն:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ մրցումին 9-րդ վայրկեանին ստացաւ մեծ եւ ծանր հարուած մը, երբ անոր մէկ մարզիկը` պրազիլցի Էտեր Միլիթաօ կարմիր քարտ մը ստացաւ: