«Եու. Էֆ. Սի.»-ի մրցումներուն մասնակցող ամերիկահայ մարտիկ Էտմեն Շահբազեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ շուտով պիտի վերադառնայ մրցասպարէզ եւ պիտի կատարէ իր յաջորդ մենամարտը:
23 տարեկան մարտիկը «Եու. Էֆ. Սի.»-ի միջին քաշային կարգի դասաւորման մէջ կը գտնուի 12-րդ դիրքին վրայ:
Ան իր վերջին մենամարտը կատարեց օգոստոս 2020-ին` պարտութիւն կրելով ամերիկացի Տերեք Պրունսոնէն:
Խառն մենամարտերուն մէջ ան ցարդ կատարած է 12 ճակատում, արձանագրած 11 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը: