Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Չելսի, որ Լոնտոնի մէջ հիւրընկալեց Վուլվզը, անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Լոնտոնեան խումբի գլխաւոր մարզիչ, գերմանացի Թոմաս Թուխելի նորամուտը յաղթական չէր` նկատի ունենալով, որ անոր մարզիկները չկրցան երեք կէտ խլել իրենց հիւրէն:
Այս հանգրուանէն ետք, Չելսի այժմ ապահոված է միայն 30 կէտ եւ 11 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթիէն, որ մրցում մը նուազ կատարած է:
Նշենք, որ այս հանգրուանին, Մանչեսթըր Եունայթըտ` իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Շեֆիլտ Եունայթըտէն, նահանջեց երկրորդ դիրք` կէտով մը ետ մնալով Սիթիէն: