Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ երէկ հիւրը եղաւ Ռուսիոյ, Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կրեց ծանր պարտութիւն մը` 6-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմէն կը բացակայէին շարք մը հիմնական մարզիկներ:
Հայրենի կազմը «ԵՒՐՕ-2022»-ի զտումի մրցաշարքին գծով իր յաջորդ մրցումին, Երեւանի մէջ 3 փետրուարին կը հիւրընկալէ Ֆրանսան: