Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ երէկ հասաւ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուա, այսօր բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ:
Հայրենի կազմին համար այս մրցումը կը նկատուի բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ Ռուսիա աշխարհի գործող փոխախոյեանն է եւ կը սեպուի վտանգաւոր մրցակից մը:
Նշենք, որ այս մրցումը կ’իյնայ 2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. խմբակին ծիրին մէջ: