Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մէկական մրցումով կախակայած է, Ա. Սէ. Միլանի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչը եւ Ինթեր Միլանի պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուն:
Նշուեցաւ նաեւ, որ իտալական մարզական դատարան մը նոյնիսկ անոնց նկատմամբ հետաքննութեան ալ կրնայ սկսիլ, իմանալու համար, թէ անոնք արդեօք իրարու դէմ ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունեցա՞ծ են:
Նախորդ շաբթուան կիսուն, Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Իպրահիմովիչ բախում ունեցած էր Ինթերի սեւամորթ ֆութպոլիստին հետ: