Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր` չորեքշաբթի, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Աթլասի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` յաջորդական երեք պարտութիւն կրելէ ետք:
Կ՛ակնկալուի, որ այսօրուան մրցումին եւս ՀՄԸՄ կիրարկելով լաւ խաղարկութիւն մը, արձանագրէ իր յաջորդական երկրորդ յաղթանակը:
Նշենք, որ 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Ռիատի Պէյրութ յաղթեց Թրիփոլիի Մութթահետին` 99-72 արդիւնքով: