Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ մէկ մրցումով կախակայուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ` նկատի ունենալով, որ ան Փարմայի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 30-րդ հանգրուանի մրցումին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
60-րդ վայրկեանին 39 տարեկան ֆութպոլիստը դաշտէն հեռացուեցաւ օրուան կեդրոնի իրաւարար Ֆապիօ Մարեսքան անպատուելուն համար:
Մէկ մրցումով կախակայուելէ բացի, ան նաեւ 5000 եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Ախոյեանութեան գծով Ա. Սէ Միլանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ճենովա: