19-25 ապրիլին Լեհաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը` 5 մարզիկով:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Գէորգ Թադէոսեան (65 քկ), Արման Անդրէասեան (70 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ), Արման Աւագեան (79 քկ) եւ Մարզպետ Գալստեան (92 քկ):
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յաբէթնակ Կուրղինեան յայտնեց, որ իր այս կազմը ընտրեց Հայաստանի ախոյեանութեան եւ Քիեւի միջազգային մրցաշարքին արդիւնքները նկատի առնելով: