Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարքինիոս նուազագոյնը երկու շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին երէկ յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ ան իր վնասուածքը ստացաւ շուրջ շաբաթ մը առաջ Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին:
Կ՛ակնկալուի, որ ան իր փորձերուն վերսկսի 12 օրէն:
Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ախոյեանութեան գծով ցարդ կատարած է 21 մրցում:
 
			


