«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի վերջին երկու մրցումները կը կատարուին այսօր` չորեքշաբթի, 14 ապրիլին:
Այսօրուան մրցումներուն իրարու դէմ կը մրցին, առաջինին` Լիվըրփուլ եւ Ռէալ Մատրիտ, իսկ երկրորդին` Պորուսիա Տորթմունտ եւ Մանչեսթըր Սիթի:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երթին, Ռէալ Մատրիտ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ Սիթի` 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: