Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի, երէկ` երկուշաբթի, 12 ապրիլին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ռիատի Պէյրութի տղոց պասքեթպոլի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ անոր նախագահ Մազեն Թապպարայի:
Ռիատի Պէյրութ Հարիրիին նուիրեց շուրջ շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իր տիրացած տիտղոսը, ուր հանդիսացած էր «Եւրասիական լիկա»-ի միջազգային պասքեթպոլի մրցաշարքին տիտղոսակիր:
Հարիրի բարձր գնահատեց Ռիատիի արձանագրած վերջին յաջողութիւնը` նշելով, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապին, անիկա կու գայ բարձր պահելու Լիբանանի անունը` միջազգային գետնի վրայ: