Գերմանացի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Լոթար Մաթէուս յայտնեց, որ յառաջիկայ ամրան ընթացքին Պայէրն Միւնիխի գլխաւոր մարզիչ Հանս Տիեթըր Ֆլիք պիտի գլխաւորէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, յաջորդելով Եոաքիմ Լոյեւին:
Նշուեցաւ, որ Լոյեւ յառաջիկայ ամրան ընթացքին կատարուելիք Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն ետք պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:
Ըստ Մաթէուսի, ան այդ պաշտօնին գլխաւոր թեկնածուն է: