Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ասթանա, որ հիւրը եղաւ Օրտափասիի, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին հետ ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ մրցումին 53-րդ վայրկեանին փենալթիով կոլ մը նշանակեց:
Այսպիսով, 27 տարեկան ֆութպոլիստը ընթացիկ տարեշրջանին նշանակեց իր առաջին կոլը:
Ասկէ բացի, ան 59-րդ վայրկեանին էսիսթի հեղինակ դարձաւ:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականի այլ մարզիկ մը` յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան բացակայեցաւ մրցումէն: