Երէկ` երեքշաբթի, 13 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ռէալ Մատրիտ ակումբի նախագահական ընտրութիւնը, որուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց եւ նախագահ վերընտրուեցաւ Ֆլորենթինօ Փերես, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան այդ պաշտօնին համար թեկնածութիւնը առաջադրած միակ անձն էր:
Ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2025: Ան ակումբի նախագահի պաշտօնը կը վարէ 12 տարիէ ի վեր:
Անոր հետ Ռէալ Մատրիտ տիրացաւ 47 տիտղոսներու, որոնցմէ 26-ը` ֆութպոլի, իսկ 21-ը` պասքեթպոլի մէջ: