«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 116-107 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տենվըր Նակեթցի դէմ:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի, որ նշանակեց 53 կէտ, այսպիսով նշանակեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 17.784-րդ կէտը:
Այս իրագործումը կատարելով 33 տարեկան Քարի յաջողեցաւ շրջանցել անցեալի անուանի պասքեթպոլիստ Ուիլտ Չեմպըրլէյնի ցուցանիշը` հանդիսանալով Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ կէտ նշանակած մարզիկը:
Ասիկա «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատմութեան մէջ կը նկատուի 9-րդ լաւագոյն ցուցանիշը: