Այսօր` հինգշաբթի, 15 ապրիլին, «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վիարէալ Սպանիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Տինամօ Զաղրեպը (Խրուաթիա):
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ին կողմէ այս մրցումի իրաւարարներու տեսուչ նշանակուած է Հայաստանէն Կարէն Նալբանդեան:
Նշենք, որ երթին Վիարէալ Խրուաթիոյ մէջ արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:



