Ռուսահայ գեղասահորդ Սեմիոն Դանիլեանց յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի ներկայացնէ Հայաստանը, այս մասին յայտնեց 14 տարեկան մարզիկին մարզիչը` Ալեքսանտր Վոլքով:
Ան մարտ 2019-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռուսիոյ պատանեկան ախոյեանութեան, որուն ընթացքին ապահովելով 193,88 կէտ գրաւեց 12-րդ դիրքը: