Իտալական Ա. Սէ. Միլանի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ կրնայ երեք տարիով կախակայուիլ եւ հեռացուիլ ֆութպոլէն, եթէ իսկապէս փաստուի, որ ան խախտած է ՖԻՖԱ-ին օրէնքները` դառնալով «Պեթարտ» ընկերութեան գրաւի գրասենեակներու բաժնետէր:
ՖԻՖԱ-ին եւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի օրէնքներուն համաձայն, այդպիսի գործունէութիւն արգիլուած է: Եթէ ատիկա իսկապէս փաստուի, ան կրնայ մէկ միլիոն շուէտական քրոն տուգանքի ենթարկուիլ եւ 3 տարիով հեռացուիլ ֆութպոլէն` նկատի ունենալով, որ ֆութպոլիստները իրաւունք չունին այդպիսի ընկերութիւններու բաժնետէր ըլլալ:
Մալթայի մէջ արձանագրուած ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը նշեց, որ Իպրահիմովիչ «Պեթարտ»-ի համասեփականատէր է: