Մարզական

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան  Հաւաքականը Վերադարձաւ Երեւան

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Վերադարձաւ Երեւան

Երէկ` երկուշաբթի, 12 ապրիլին, Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականը Մոսկուայէն վերադարձաւ Երեւան: Անիկա Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան: Զուարթնոց օդակայանին մէջ ծանրաբարձներուն դիմաւորեցին անոնց հարազատները եւ մարզասէրները: Մոսկուայէն հաւաքականին հետ Երեւան վերադարձան նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան: Իր խօսքին մէջ Գիլոյեան ըսաւ. «Երկու-երեք տարի ետք այս հաւաքականը...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն-Պայէրն Միւնիխ  Դարձի Ճակատագրական Ճակատումը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն-Պայէրն Միւնիխ Դարձի Ճակատագրական Ճակատումը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին երկուքական ճակատումներ: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, չորս խումբեր հրաժեշտ պիտի տան մրցաշարքին, մինչ մնացեալ չորսը պիտի ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Այսօրուան կարեւորագոյն ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, ուր Գերմանիոյ ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, հիւրը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին: Մրցումին ազդանշանը...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Երէկ` երկուշաբթի, 12 ապրիլին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Ֆրանսա, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը: Վաղը` չորեքշաբթի, 14 ապրիլին, «Եւրօ-2022»-ի ֆութսալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսա-Հայաստան զտումի 6-րդ հանգրուանի մրցումը: Բաղդատմամբ նախորդ մրցումին (Ռուսիոյ դէմ), հայրենի կազմին մէջ կան փոփոխութիւններ: Կազմ կը վերադառնան Սարօ Գալստեան եւ Վիթինիօ: Փոխարէնը, երկրորդ զգուշացման պատճառով, Ֆրանսայի դէմ կատարուելիք մրցումէն...

Հայ Ֆութպոլիստը Արհեստավարժ  Պայմանագրութեան Առաջարկ Մը Ստացաւ Նանթէն

Հայ Ֆութպոլիստը Արհեստավարժ Պայմանագրութեան Առաջարկ Մը Ստացաւ Նանթէն

Ֆրանսական Նանթ ֆութպոլի ակումբը կը փափաքի մնայուն անդամ դարձնել յարձակողական ոճի միջնապահ Գոռ Մանուէլեանը: «Ուեսթ Ֆրանս» կը տեղեկացնէ, որ ֆրանսական ակումբը արհեստավարժ պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ 19 տարեկան ֆութպոլիստին: Մանուէլեան, որ Նանթի սան է, ներկայիս ելոյթ կ՛ունենայ ակումբին 19 տարեկանէն վար խումբին հետ: Կ՛ակնկալուի, որ պայմանագրութիւն մը ստորագրելու պարագային, Մանուէլեան տեղափոխուի գլխաւոր խումբ: Նշենք, որ այս տարեշրջանին Նանթի արձանագրած արդիւնքները`...

«Աուըր Կէյմ» Աղջկանց  Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Լիթուանիա Տիտղոսակիր` Երեւանի Մէջ

«Աուըր Կէյմ» Աղջկանց Ֆութպոլի Մրցաշարք. Լիթուանիա Տիտղոսակիր` Երեւանի Մէջ

Հայաստանի մէջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած «Աուըր Կէյմ» աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին: Վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Յորդանան յաղթեց Լիբանանին, մինչ Հայաստան-Լիթուանիա հանդիպումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին` Օլկա Օսիպեան եւ  Նեսի Աւեսեան: Տիտղոսակիր դարձաւ Լիթուանիա (7 կէտով), երկրորդ դիրքը գրաւեց` Հայաստան (5 կէտով), մինչ երրորդ հանդիսացաւ Յորդանան (4 կէտով): Լիբանան առանց...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, 13-15 ապրիլին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հաւաքին վերջին օրը, նոյն վայրին մէջ, հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Արարատ-2 ֆութպոլի խումբին դէմ: Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Մհեր Միրումեան, որ այս հաւաքին նկատի առաւ 25 ֆութպոլիստներ:

Մարտունի Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Կռփամարտի Հանրապետական Մրցաշարք Մը

Մարտունի Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Կռփամարտի Հանրապետական Մրցաշարք Մը

Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ կռփամարտի հանրապետական կարգի աւանդական մրցաշարք մը, նուիրուած` 2016-ին ապրիլեան պատերազմին ընթացքին զոհուած հայորդիներու յիշատակին: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին կռփամարտի խումբեր Մարտունիէն, Վանաձորէն, Արցախէն, Վայքէն, Երեւանի Վ. Ենգիբարեանի մարզադպրոցէն, Երեւանի Էրեբունի համայնքէն, Հրազդանէն, Սեւանէն, Քաջարանէն, Էջմիածինէն, Եղեգնաձորէն, Կապանէն, Լճաշէնէն, Կուրթանէն, Սիսիանէն, Արենիէն, Խաչիկէն, Նորատուսէն եւ այլ համայնքներէ: Նշենք, որ մրցաշարքը կազմակերպած էր Մարտունի...

Մուրինիոյի Արհեստավարժ Ասպարէզին  10-րդ Պարտութիւնը` Տարեշրջանի Մը Ընթացքին

Մուրինիոյի Արհեստավարժ Ասպարէզին 10-րդ Պարտութիւնը` Տարեշրջանի Մը Ընթացքին

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Թոթենհամ իր դաշտին վրայ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Մանչեսթըր Եունայթըտէն: Այս պարտութիւնը լոնտոնեան կազմին համար եղաւ տարեշրջանի 10-րդը: Այսպիսով, մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ տարեշրջանի մը ընթացքին կը պարտուի 10-րդ մրցումն ըլլալով, այս մասին յայտնեց «Սքուաուքա»: Անոր կազմը այժմ 49 կէտով կը գրաւէ...

Քաթալոնական Գ. Դասակարգի  Մրցումը Աւարտեցաւ Ծեծկռտուքով

Քաթալոնական Գ. Դասակարգի Մրցումը Աւարտեցաւ Ծեծկռտուքով

Պոն Փասթոր-Քարմելօ մրցումը, որ կ՛իյնայ Քաթալոնիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, աւարտեցաւ համակիրներուն եւ ֆութպոլիստներուն միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքով: Աւարտական սուլիչէն քանի մը վայրկեան առաջ, մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ վիճաբանութիւն` երկու կազմերու ֆութպոլիստներուն միջեւ: Օրուան կեդրոնի իրաւարարը դաշտէն վտարեց մարզիկներէն մէկը, որմէ ետք մարզադաշտ խուժեցին համակիրները, որոնք կռուեցան ֆութպոլիստներուն հետ:

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը շաբաթ, 10 ապրիլին, Ժամալ Ապտել Նասեր մարզադաշտին վրայ (Խիարա, Պեքաա) հիւրը եղաւ Ուահտէ Մարժ խումբին: Տարեշրջանի առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած, մինչ երրորդին յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ յաջողեցաւ արձանագրել իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի երկու կոլերը նշանակեց Սերժ Օսքեան, յաջորդաբար` 56-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն: Հակառակ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի  Իր Առաջին Յաթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) Սաժես հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 88-80 արդիւնքով (25-19, 38-36, 64-55 եւ 88-80): Բաղդատմամբ նախորդ մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ աւելի զգալի էր ներդաշնակ խաղարկութիւնը եւ պայքարի ոգին, որուն շնորհիւ արձանագրուեցաւ այս...

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն.  Սամուէլ Գասպարեան` Ախոյեան, Գոռ Մինասեան Եւ Արսէն Մարտիրոսեան` Փոխախոյեաններ,  Վարազդատ Լալայեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Գասպարեան` Ախոյեան, Գոռ Մինասեան Եւ Արսէն Մարտիրոսեան` Փոխախոյեաններ, Վարազդատ Լալայեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Երէկ` կիրակի, 11 ապրիլին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան վերջին օրուան` աւարտականի մրցումները: 109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, Գոռ Մինասեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով, 464 քկ (216+ 248), տիրացաւ արծաթ մետալին` հանդիսանալով Եւրոպայի փոխախոյեան: Իսկ Վարազդատ Լալայեան, բարձրացնելով 445 քկ, հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր: Ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ (485 քկ), որ այսպիսով երկամարտի...

Կռփամարտ.  Կարէն Տօնականեանի Երկրորդ  Յաղթանակը` Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Կռփամարտ. Կարէն Տօնականեանի Երկրորդ Յաղթանակը` Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Եւրոպական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Կարէն Տօնականեան, որ երէկ կատարեց իր երկրորդ մենամարտը արհեստավարժ ռինկի վրայ, յաջողեցաւ արձանագրել իր երկրորդ յաղթանակը: Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի երեկոյի մը ընթացքին, հայրենի մարզիկը, որ մրցեցաւ Հարաւային Ափրիկէն ներկայացնող Մայեմու Ռոֆիվայի դէմ, իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթանակ արձանագրեց: Նշենք, որ Տօնականեան արհեստավարժ ռինկի վրայ իր առաջին յաղթանակը արձանագրած էր նախորդ տարուան հոկտեմբերին` յաղթելով Անտրէյ ԻսաՅեւին...

Ճատրակ.  Աննա Սարգսեան Հանդիսացաւ  Երկրորդ` Պիելոռուսիոյ Մրցաշարքին

Ճատրակ. Աննա Սարգսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Պիելոռուսիոյ Մրցաշարքին

Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Աննա Սարգսեան հանդիսացաւ երկրորդ` Պիելոռուսիոյ միջազգային մրցաշարքին: Այս մրցաշարքին Հայաստան ունէր հինգ ներկայացուցիչ: «Օրշա Օփըն-2021»-ի այս մրցաշարքին առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով Սարգսեան տիրացաւ արծաթ մետալին: Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները գրաւեցին հետեւեալ դիրքերը. Արմէն Բարսեղեան` 5-րդ, Վահէ Գրիգորեան` 39-րդ, Ռաֆայէլ Ստեփանեան` 41-րդ եւ Արարատ Ստեփանեան` 50-րդ: Նշենք, որ Սարգսեանէն առաջ Հայաստանը ներկայացնող այլ կրանտմասթըր մը` Հայկ Մարտիրոսեան,...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Տիտղոսակիր`  Պելկրատի Մրցաշարքին

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Տիտղոսակիր` Պելկրատի Մրցաշարքին

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին: Տիտղոսակիր դարձաւ հայրենի կրանտմասթըր Հայկ Մարտիրոսեան, որ ապահովեց 8 կէտ: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Շանթ Սարգսեան` 7,5 կէտով: Այսպիսով, Մարտիրոսեան իր անհատական  վարկանիշը բարելաւեց 10 կէտով, իսկ Սարգսեան` 6 կէտով: Նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 երկիրներէ 107 ճատրակ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Շիրակ-Ալաշկերտ Մրցումը  Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակ-Ալաշկերտ Մրցումը Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ իրարու դէմ մրցեցան Շիրակն ու Ալաշկերտը: Գիւմրիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Այս մրցումէն ետք, Ալաշկերտ այժմ 27 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, մինչ Շիրակ կը գտնուի վերջին դիրքին վրայ (9 կէտով): Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ` 28 կէտով:

«Աուըր Կէյմ» Աղջկանց Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստան-Յորդանան` 1-1 Լիբանան Պարտուեցաւ Լիթուանիայէն

«Աուըր Կէյմ» Աղջկանց Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Յորդանան` 1-1 Լիբանան Պարտուեցաւ Լիթուանիայէն

Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը չյաջողեցաւ արձանագրել իր երկրորդ յաղթանակը` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Աուըր կէյմ» ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն: Արդարեւ, Չարենցաւանի մարզադաշտին վրայ իր կատարած մրցումին, հայրենի կազմը արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Յորդանանի դէմ: Այլ մրցումի մը, Լիբանան, որ մրցեցաւ Լիթուանիոյ դէմ, կրեց իր երկրորդ` քիչ մը ծանր պարտութիւնը` 7-1 արդիւնքով:  

Ժիւտօ.  Ֆերտինանտ Կարապետեան Կը Մասնակցի  Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի վարկանշային ախոյեանութեան: Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը պիտի մասնակցի 73 քկ դասակարգի մրցումներուն: Կարապետեան, որ այժմ ունի վարկանշային 1552 կէտ, իր դասակարգին մէջ 38-րդ դիրքին վրայ է: Նոր օրէնքով, Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն իւրաքանչիւր դասակարգի մրցումներուն պիտի մասնակցին 18 մարզիկներ:  

«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտ Դարձեալ Յաղթեց Պարսելոնային`  «Քլասիքօ»-ի Մրցումին

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Դարձեալ Յաղթեց Պարսելոնային` «Քլասիքօ»-ի Մրցումին

Շաբաթ, 10 ապրիլին, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 30-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան երկրին երկու անուանի եւ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող երկու ակումբները` Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա: «Քլասիքօ»-ի դարձի այս մրցումը, երթի մրցումին նման, դարձեալ աւարտեցաւ մայրաքաղաքի կազմին` Ռէալ Մատրիտի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Մարզիչ Զինետտին Զիտանի գլխաւորած կազմը երթին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Քաթալոնիոյ մէջ: Յաղթական...

«Քալչիօ».  Ա. Էս. Ռոմա Յաղթեց, Մխիթարեան Վերադարձաւ

«Քալչիօ». Ա. Էս. Ռոմա Յաղթեց, Մխիթարեան Վերադարձաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ Հռոմի մէջ հիւրընկալեց Պոլոնիան, արձանագրեց նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց սպանացի Պորժա Մայորալ` մրցումին 44-րդ վայրկեանին: Ոտքի վնասուածքէն ապաքինելէն ետք ֆութպոլի դաշտերը վերադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: 32 տարեկան ֆութպոլիստը, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, դաշտ ներկայացաւ...

Page 517 of 1279 1 … 516 517 518 … 1,279

Արխիւներ