Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ մարզիկ Կարէն Խաչանով, յաղթանակով սկսաւ Քոնթէ Քարլոյի մէջ տեղի ունեցած թենիսի «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-Մասթըրզ 1000»-ի միջազգային մրցաշարքը:
Խաչանով, որ Ա. հանգրուանին մրցեցաւ սերպ Լասլօ Տիճերէի դէմ, արձանագրեց 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 18 վայրկեան:
Յաջորդ հանգրուանին Խաչանով կը մրցի սպանացի Փապլօ Քարրենօ Պուսթայի դէմ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2,4 միլիոն եւրօ: