Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ 35 տարեկան սպանացին այս օրերուն կը վերականգնի մկանային վնասուածքէ մը, որուն պատճառով ան բացակայեցաւ նախորդ շաբաթավերջին Պարսելոնայի դէմ տեղի ունեցած «Քլասիքօ»-ի մրցումէն:
Ան այս տարեշրջանին արքայական ակումբին հետ ախոյեանութեան գծով կատարեց 15 մրցում եւ նշանակեց 2 կոլ: