Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Սուրիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահին, անդամներուն եւ այլ պատասխանատու անձերու հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, անդրադառնալով այս մարզը յուզող հարցերուն, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Գործակցաբար` Սուրիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ եւ ամէն ձեւով աշխատանք պիտի տանի Սուրիոյ պասքեթպոլը վերադարձնելու իր անցեալի փառքի օրերուն եւ արաբական գետնի վրայ անոր ներկայութիւնը դարձեալ վերածելու դրական եւ ազդու:
«Երկու ֆետերասիոններուն միջեւ այս առաջին հանդիպումին պիտի յաջորդեն այլ հանդիպումներ, որոնց գլխաւոր նպատակը բնականաբար պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ յառաջ տանիլ պասքեթպոլը, այնպէս ինչպէս որ էր անցեալին:
«Յառաջիկայ ամիս Սուրիա պիտի սկսի Ասիոյ պասքեթպոլի աւարտական հանգրուանի զտումի իր մրցումներուն` փորձելով յաջողութեամբ աւարտել զանոնք»: