Լաթվիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Էտկար Բաբայեան իր կազմին` Ռիկայի հետ դարձաւ կոլի հեղինակ:
Անոր կազմը, որ հիւրը եղաւ Նոա Ժուրմալայի, արձանագրեց 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
25 տարեկան միջնապահը իր կոլը նշանակեց 61-րդ վայրկեանին:
11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, երկրի գործող ախոյեան Ռիկա այժմ 25 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը: